ԻՆՉՊԷ՜Ս ՉԽԵԼԱԳԱՐԻՄ
Երբ ցեցը, կպչած մեր մարմինին,
Կը ծծէ արիւնը մեր, օրնիբուն,
Երբ կատղած շան շունչը տաք,
Քամիին նման մեր երեսները կլանած,
Մարտահրաւէր կը կարդայ…
Ո՞ւր են թաքնուած
Արի ու խելօք այրերը մեր,
Որ տուն կանչեն որդիները մոլորած…
Մի՞թէ խաբկանք էին երգերը քնաբեր,
Որ սնարին մէջ մանուկը օրօրեցին,
Իսկ երբ հասակ առաւ ան՝
Դարձաւ դահիճ,
մարդասպան,
դաւաճան
Եւ մարտահրաւէ՜ր կը կարդայ…
Կը հասկնա՞ք:
Ըսէ´ք, ինչպէ՜ս չխելագարիմ
Ի տես մեր հոգիներուն ու մորթին
Կպչած այդ արիւնախանձ տզրուկներէն,
Որոնք մեր Երկիրը կը ծուատեն տիւ ու գիշեր,
Կը տարտղնեն փշրանքները մեր հաւատքին,
Մարդը կը վերածեն ամէնօրեայ հրէշի,
մարդասպանի
թշուառ ու անտէր էակի,
Իր հնամեայ օճախէն դուրս շպրտուած խլեակի:
Ըսէ´ք, ինչպէ՜ս չխելագարիմ,
Երբ վայրագ կիրքն է իշխած հոն՝
Ճանապարհի բոլոր հանգոյցներուն,
Երբ ճիգը գերագոյն՝ ապրի՜լն է միայն,
Գոյութենական խաբկանք մը տխուր,
Այլեւ պատրանք մը անգոյն,
Պատրանք՝ զոր սպաննեցին
սաղմին մէջ լողացող երեխային.
Կ᾿ապրին անոնք,
Բայց երազը կորած է վաղուց...
Կ᾿ըմբռնէք չէ՞:
Ինչպէ՞ս, ինչպէ՜ս չխելագարիմ:
Ուղիներու վրայ մաշած այս հոգին
Ո՞ւր թող աղերսէ մարդեղութիւնը յոյսին,
փառատումը խաւարին,
ճառագայթումը լոյսին։
Անցա՞ն միթէ մեր կողմերէն գաղջ հովերը յարութեան,
Մի՞թէ ցամքեցան շիթերն ու ցօղերը զարթուցիչ,
Հողմերուն մէջ անապատին, թէ քամիներուն մէջ հիւսիսի,
Երբ մեր շուրջ տղաք ու աղջիկներ դեռատի,
Փոխան խանդ ու խնդուքի,
գիշերի մեղկութեանը երկրպագեցին
Թմրամոլի դեղնած ափսէներուն մոլուցքով:
Կորչի´ն թող գորշ ամպերն ու անո´նք
Երկնակամարէն այս, հոգիներէն մեր,
Եւ հայրենի երկրի աղջամուղջէն ծագի նոր արշալոյս,
Չքանայ հայուն ստրկութիւնը նոյնինքն հայէն.
Սա լախտի հարուա՜ծ է նորովի՝ հայուն մեծ երազին…
Ըսէ´ք, ըսէ´ք, ինչպէ՜ս… չխելագարիմ:
2017