Դիմումի ընթացք

Գիտաժողովը կ՛ընդունի

  • Գիտական զեկուցումներ հետւեալ նիւթերուն շուրջ.

    • լեզուի ուսուցման, դասաւանդման եւ իւրացման տեսաբանական հարցեր, ժառանգուած մայրենիլեզուին կամ երկրորդ լեզուին կիրարկուած, մասնագիտական լայն դաշտի մը ծիրէն ներս, (մանկավարժութիւն, լեզուաբանութիւն, ընկերաբանական լեզուագիտութիւն, հոգեբանական լեզուագիտութիւն, մարդաբանութիւն, ընկերաբանութիւն, պատմագիտութիւն)

  • կիրառական ներկայացումներ, հայերէն լեզուի կամ անոր հետ բաղդատութեան եզրեր ընդգրկող այլ լեզուներու դասաւանդմաննորարարական մօտեցումներու վերաբերեալ (դասաւանդման ընթացքի ձեւաւորում, յառաջդիմութեան չափանիշներ, գնահատումիեղանակներ, դպրոցի վարչական ձեւ եւ տնօրինում, առնչուող կողմերու ցուցաբերած հետաքրքրութեան գնահատում, նպատակադրուածմիջամտութիւններ, եւ այլն)

Զեկուցումներու ընտրութեան մեթոտ եւ չափանիշներ

Զեկուցումներու համառօտ ներկայացումները երկկողմանի անանուն ձեւով պիտի արժեւորուին մասնագէտներու կողմէ։

Յատուկ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան

  • զեկուցումին առնչութիւնը գիտաժողովի նպատակին հետ,the relevance to conference's goal

  • փաստարկումին յստակութիւնը,

  • համառօտ ներկայացումին մէջ՝ գործնական հարցերու ընդգրկումը, ինչպէս նաեւ փաստարկումին ի նպաստ բերուած տուեալներուն ներկայացուցած արժէքը:

Ամփոփումները մէկ էջի վրայ պէտք է ներկայացուին. յաւելեալ էջ մը կարելի է տրամադրել յղումներուն եւ այլ տուեալներու (աղբիւրներու ցանկ, օրինակներ)։

  • Դիմումներու ընթացքը այլեէս փակ է:

      • Դիմումները պիտի ընդունուին միայն EasyChairի միջոցաւ, ապահովելու համար անոնց անանուն հանգամանքը։

      • Զեկուցումներու ամփոփումները կ՚ընդունուին հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Սակայն որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ամփոփումներու արժեւորումը հայագիտութեան մարզէն դուրս գնտուողմասնագէտներու կողմէ, փափաքելի է որ հայերէն գրուած ամփոփումին անգլերէն կամ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը եւս ուղարկուի։ Այս պայմանը կիրարկելի է դիմումի հանգրուանին միայն։ Ամբողջականզեկուցումը կարելի է կատարել վերոյիշեալ երեք լեզուներէն որեւէ մէկով։

Ժամանակացոյց

Դիմումի նախնական յայտարարութիւն՝ Փետրուար 19, 2015։

Կայքէջի թողարկում եւ դիմումի յայտարարութիւն՝ - Մարտ 16, 2015։

Դիմումներու ժամկէտի աւարտ՝ Ապրիլ 2015։

Դիմումներու ընդունման յայտարարութիւն՝ Մայիս 30, 2015։

Ծրագրի թողարկում՝ Յունիս 15, 2015։ Ներողամիտ եղէ՛ք ուշացումին համար: Նոր թուականը՝ Յուլիս 10

Նիւթական աջակցութիւն

Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութիւնը ճամբորդութեան եւ կեցութեան վերաբերող սահմանափակ թիւով յատկացումներ պիտի տրամատրէ այն մասնակիցներուն համար, որոնցհովանաւոր հաստատութիւնները ծախսերը չեն ստանձնած։