Գիտաժողովին մասին

Բացատրողական

ԻԱ. դարուն Սփիւռքի մէջ արեւմահայերէն դասաւանդելը կը նշանակէ զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւել, երբեմն տեսաբանականտեսակի (առաջին լեզու ընդդէմ երկրորդ լեզուի, ժառանգուած լեզուի, վտանգուած լեզուի, գրաճանաչութեան եւ գրագիտութեանտեսութիւններ), երբմն ալ՝ գործնական տեսակի, որոնք նախորդներուն հետ առնչուած են (դասարաններու կազմակերպում, գնահատմանեղանակներ, մանկավարժական նորարարութիւն, ուսուցիչներու մասնագիտական պատրաստութիւն, հայերէնը որպէս երկրորդ լեզուուսուցանելու վարժութիւն, եւ այլն)։

Վերոյիշեալ հարցերը կը քննարկուին մասնագէտներուն կողմէ, սակայն ուղղակի լեզուի ուսուցման մարզէն ներս գործող անհատներ (ուսուցիչներ, տնօրէններ) առանձնացած կը մնան տակաւին, ու չեն հասնիր հետազօտութիւններու արդիւնքներէն մեկնած լաւագոյնմեթոտները երեւան բերելու եւ անոնց յաջող կիրարկումին նախաձեռնելու։ Այս իրավիճակին պատճառներէն մէկը յատկապէս հայերէնլեզուի իւրացման եւ դասաւանդման վերաբերող կիրառական ուսումնասիրութիւններու չգոյութիւնն է .

Նպատակներ եւ արծարծելի նիւթեր

Սոյն գիտաժողովին նպատակն է համախմբել լեզուի իւրազման եւ ուսուցման մասնագէտներ եւ այս հարցին անմիջականօրէն առնչուածտարբեր կողմեր, օրինակ՝ երկրորդ լեզուի դասաւանդման յաջող եւ արդիւնաւէտ ձեւեր կարարկած ներկայացուցիչներ, որպէսզի կարելիըլլայ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակին վերաբերող կիրառական ուսումնասիրութեան մը առաջնահերթ հարցերը վերբերողնախագիծ մը պատրաստել։

Հրաւիրեալ դասախօսներ

Հիմնական դասախօսութիւն

Gil Schmerler (Bank Street College, NY., USA)

Գիտական յանձնախումբ

Sophie Alby (SeDyL, UAG)

Tamer Amin (AUB, Beirut)

Rima Bahous (LAU, Beirut)

Anaïd Donabédian (IRD, Inalco, AUB, Beirut)

Ani Garmiryan (Fondation Calouste Gulbenkian, Lisbonne)

Christine Hélot (Université de Strasbourg)

Chaghig Hudaverdian (Haigazian University, Beirut)

Melanie Keledjian (Inalco, Paris)

Victoria Khurshudian (Inalco, Paris)

Bettina Migge (SeDyL, Dublin University)

Hagop Yacoubian (Haigazian University, Beirut)

Կազմակերպիչ յանձնախումբ

Սոյն գիտաժողովը կը կազմակերպուի Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ինստիտուտին (ԻՆԱԼՔՕ) եւ Գալուստ Կիւլպէկեան Հիմնարկութեան կողմէ, Անահիտ Տօնապետեանի եւ Անի Կարմիրեանի գլխաւորութեամբ:

Anaïd Donabédian

Ani Garmiryan

Mélanie Kélédjian

Victoria Khurshudian