L'arménien occidental en France, dynamiques actuelles
Ազգային մեծ հարցախոյզ
«Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը Ֆրանսայի մէջ»
ԻՆԱԼՔՕ-ի SeDyL գիտաշխատանոցին նախաձեռնած
հետազօտութեան ծիրին մէջ
Հովանաւորութեամբ՝
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան
Ֆրանսերէնի ընդհանուր պատուիրակութեան
լեզուական գործածութեանց դիտարանին
(DGLFLF-Observatoire des pratiques linguistiques)
եւ
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին
Արեւմտահայերէնը, որ Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարութեան Ֆրանսերէնի եւ Ֆրանսայի լեզուներու ընդհանուր պատուիրակութեան կողմէ ճանչցուած է որպէսՖրանսայի լեզու եւ ներկայիս ԻՒՆԵՍՔՕ-ին կողմէ դասակարգուած իբրեւ վտանգուած լեզու մը, ոչ միայն հայկական Սփիւռքի մշակութային ժառանգութեան, այլեւհամաշխարհային ժառանգութեան հիմնարար տարրերէն մէկն է, սակայն՝ վտանգուած եւ կորուստի ենթակայ։
1915-ի Ցեղասպանութեան հետեւանքով արեւմտահայերէնի լեզուակիրներուն զանգուածային տեղահանումէն ի վեր՝ ան ամենուրէք կը գոյատեւէ իբրեւ սփիւռքի՝համայնքային փոքրամասնութեան լեզու մը, որ կը խօսուի երկլեզու կամ բազմալեզու անձերու կողմէ։ Վերջիններուս համար արեւմտահայերէնը յաճախ չիհանդիսանար իբրեւ բնականոն հաղորդակցութեան լեզու, ուստի եւ անոնք հետզհետէ կը դառնան արեւմտահայերէնի միայն մասնակի լեզուակիրներ։ Այս լեզուինանկումին հարցը այսօր կ'արծարծուի առանց որեւէ արգելքի (թապուի)։ Արդարեւ, Ֆրանսայի հանրութիւնը, որ միալեզուութեան զօրաւոր մշակոյթ ունի,բարենպաստ յատուկ պայմաններ չի տրամադրեր արեւմտահայ լեզուին պահպանումին համար։
Հակառակ ասոր՝ Ֆրանսայի մէջ նկատելի են արեւմտահայերէնի վերազարթօնքին նպաստող գործօնները. երկլեզու նոր դպրոցներու հիմնադրութիւն, այսդպրոցներուն մէջ արձանագրուած աշակերտներու թիւի զգալի աճ, միօրեայ դասընթացքներու յաջողութիւն, տարատեսակ լսարաններու՝ լեզու փոխանցելուհամար նախատեսուած մանկավարժական աշխատանոցներու եւ մշակութային ձեռնարկներու բազմազանութիւն, Մերձաւոր Արեւելքէն ներգաղթածընտանիքներուն խաղացած դերը այս վերազարթօնքին մէջ, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնին հետ ունեցած աղերսն ու յարաբերութիւնները։
Մեր տրամադրութեան տակ, սակայն, ունինք սակաւաթիւ տուեալներ, որոնք կարելիութիւն կու տան չափելու նշեալ երեւոյթներուն ընդգրկումը եւ որոշելու անոնցվերաբերող լսարաններուն տեսակները։ Ֆրանսայի մէջ, սահմանադրական պատճառներով, բնակչութեան մարդահամարները հնարաւորութիւն չեն տարհաւաքելու ազգային պատկանելիութեան եւ ասոր առընչուող լեզուներու գործածութեանց վերաբերող տուեալներ։
Լեզուական գործածութեան վերաբերող ներկայ հարցախոյզը կը հովանաւորուի Մշակոյթի նախարարութեան Լեզուական գործածութեանց դիտարանին (DGLFLF) եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին կողմէ («Արեւմտահայերէնի օժանդակութեան ծրագիր») ։ Ան Ֆրանսայի մէջ արեւմտահայերէնի գործածութիւնըուսումնասիրող առաջին ծաւալուն հարցախոյզն է, որ կը նպատակադրէ, առաջին անգամն ըլլալով, հաւաքագրելու քանակական եւ որակական ուսումնասիրութեանտարրերը։ Հարցախոյզը կը հիմնուի բնակչութեան զանազան խումբերու վրայ, որոնք բաղկացած են արեւմտահայերէնը գործածելու եւ անոր տիրապետելու բոլորմակարդակները ներկայացնող անհատներէ (ներառեալ անոր բնաւ չտիրապետողները եւ զայն չգործածողները)։
Հարցարանը, անանուն ձեւով, կը հաւաքէ տուեալ անձին ընտանեկան պատմութեան վերաբերող տեղեկատուութիւն, անոր տարիքը, ընտանեկան բջիջը, անորշրջապատին մէջ հայերէն խօսող անձերը՝ ըստ սերունդներու, հայերէնի անոր իմացութեան ինքնագնահատականը, լեզուական փորձառութիւնը (զրուցակիցներուեւ իրավիճակներու տեսակները), իր եւ իր զաւակներուն դպրոցական ուսումնառութեան ընտրութիւնը, հայերէնի վերաբերող հանրային գործունէութիւնները եւ այլն, ինչպէս նաեւ իր վերաբերումը եւ պատկերացումները՝ արեւմտահայերէնին հանդէպ (յարգանք, օգտակարութիւն եւ այլն)։
Հարցախոյզը առցանց է ու բաց, մասնակցութիւնը կամաւոր է, եւ հարցապնդուած անձերը, ուրեմն, կամաւորներ են։ Իրողութիւն մը, որ նկատի պիտի առնուիարդիւնքներուն մեկնաբանութեանց ժամանակ։ Որպէսզի հարցախոյզը ունենայ բաւարար վիճակագրական արժէք, ան պէտք է բաղկացած ըլլայ առնուազն 1500 պատասխաններէ, քանի որ առցանց հարցարանը կարելիութիւն կու տայ ստանալու այս թիւը գերազանցող պատասխաններու քանակ։
Այս հարցախոյզը, որ պիտի վիճակագրօրէն վերլուծուի հետազօտական նախագիծին (Inalco-SeDyL, հովանաւորութեամբ DGLFLF-ին եւ Կիւլպէնկեանհիմնադրամին) անձնակազմին կողմէ, մինչեւ Յունիս 2014 իրագործուելիք աշխատանքին բաղկացուցիչ մասերէն մէկն է։ Աշխատանքը պիտի ամբողջացուի առաւելխորացուած հարցախոյզներով, որոնք պիտի կատարուին փոքրաթիւ կամաւոր ընտանիքներուն մէջ։ Այս ընտանիքները, որոնք պիտի ներկայացնենլեզուակիրներու տարբեր տեսակներ, պիտի յայտնաբերուին շնորհիւ ծաւալուն հարցախոյզին վերլուծութեան։
Վերոյիշեալ աշխատանքին արդիւնքին համաձայն՝ գիտական անձնակազմը պիտի կազմէ հրապարակային զեկուցում մը, որ կը տարածուի DGLFLF-ին, Կիւլպէնկեան հիմնադրամին եւ SeDyL/Inalco-ին կողմէ։ Ան պիտի ընդգրկէ ծաւալուն հարցախոյզին քանակական արդիւնքները, ուսումնասիրուած զանազանյատկանիշներու միջեւ յարաբերութեանց վերլուծութիւնը եւ անոնց միտումներուն առընչուող մեկնաբանութիւնը, դիտարկուող հարցախոյզներուն արդիւնքները եւհամայնքին մէջ նկատելի լեզուական գործածութեանց դիւաններէն քաղուածքներ։
Այս զեկուցումը կարեւոր աշխատանքային գործիք կը հանդիսանայ մշակութային եւ կրթական ոլորտներու գործիչներուն, որոշում կայացնողներուն, ծնողներուն, բոլոր այն անձերուն որոնք ներկայիս ազդեցութիւն ունին արեւմտահայերէնին վիճակին վրայ։
Որպէսզի հարցախոյզը հասնի իր քանակական նպատակներուն եւ ըլլայ ներկայանալի, կը խնդրենք ընկերակցութիւններէն, լրատուամիջոցներէն, դպրոցներէն, եկեղեցիներէն եւ միւս կառոյցներէն՝ տարածել տեղեկատուութիւնը իրենց անդամներուն, մասնակիցներուն, բաժանորդներուն, աշակերտներուն, ունկնդիրներուն, համախոհներուն եւ հետեւորդներուն մէջ եւ քաջալերել զանոնք, որ մասնակցին հարցախոյզին։ Համացանցի մատչելիութիւն չունեցող անձերուն համար պիտիառաջարկուին, ի պահանջել հարկին, այլընտրանքային միջոցներ (հեռաձայնային հարցախոյզ, գրաւոր հարցարան)։
Հարցարանը 1368 պատասխանստացաւ:
Շնորհակալութիւն բոլորին:
Տեղեկագոիրը կարելի է կարդալ հոս:
Անձնակազմ
Անահիտ Տօնապետեան (լեզուագիտութեան դոկտոր, համալսարաններու փրոֆեսեոր, Inalco/SeDyL ծրագիրի գիտական պատասխանատու),
Տորք Դալալեան (բանասիրութեան դոկտոր, SeDyl-Կիւլպէնկեան հիմնադրամին յետդոկտորանտ) Անքը Ալ-Պաթաինէ (SeDyl-Կիւլպէնկեան հիմնադրամինդոկտորանտ)։
Մասնակցութեամբ՝
Վարդուշկա Սամուէլեանին , ինչպէս նաեւ ԻՆԱԼՔՕ-ի մագիստրոսական լսարանի ուսանողներու։