ՔՆԱՐԻԴ ՇՈՒՆՉԻՆ ՏԱԿ

Այս գիշեր, անգամ մը եւս գերէ զիս

Սիրոյ քնարիդ յուզախառն հեշտանքով,

Տա՜ր զիս այս խենթ աշխարհէն հեռու՝

Մորփէոսի տաքուկ գիրկը խոհուն:

 

Այս գիշեր, զա´րկ քնարիդ թաց լարերուն,

Ու քնքշանք պարգեւէ հոգւոյս թաւ թելերուն,

Երբ արեւուն տաք շողերը սահին կրկին

Լուսամուտիս խոնաւ ծերպերէն ներս թրթռուն,

Ես պիտի երթամ երազիս ակունքներուն,

Գտած պիտի ըլլամ երանութիւնս փխրուն:

 

Ա՜լ ի՜նչ յոյզ, ի՜նչ ձանձրոյթ կարող է տիրել,

Ահաբեկել իմ հոգիին ծերպերը տամուկ,

Ի‏՜նչ տխրութիւն կարող են պատճառել արդ՝

Աշխարհի դաւերը, ցաւերն անհուն եւ անագորոյն,

Երբ թովչանքը հմայքիդ, վճիտ երգին անդրայուշ՝

Պիտի պարգեւէ ինծի նոր կեանք ու նոր յո՜յս:

 

Այս գիշեր, գերէ´ զիս բոլոր ժամանակներէն աւելի,

Թրթռացող քնարիդ աներեւոյթ քնքշանքով,

Դարպասէ խոշտանգուած հոգիիս անդունդնե՜րը խոր,

Երթամ սուզուիլ մեր երազի ջերմ ակունքներուն,

Վարդաբոյր սիրոյդ զգլխանքին լիութեամբ:

 

2010